Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

969

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէհայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Ալթունեան Ժանին, «Վայրերու վերացումը», PUF հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2019, 276 էջ (ցեղասպանութեան ականատես վկայի հայատառ թրքերէն վկայութեան թարգմանութիւնը դստեր կողմէ եւ վկայութեան հոգեբանական վերլուծումը) (ֆրանսերէն):

Բախչինեան Ֆելիքս, «Խաւարին չհաւատալու, խաւարին չտրուելու պոէզիա», հրատարակիչ՝ «Հայաստանի Ֆրիտեոֆ Նանսեն հիմնադրամ», «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 216 էջ (12,4 x 14,6 սմ.) (Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծական արուեստին վերլուծումը): Գիրքի հովանաւորն է Վարուժան Գէորգ Եսայեանը:

– Եկաւեան Տիգրան, «Պատմութեան կողմէ մոռցուածները՝ Արեւելքի փոքրամասնութիւնները», «Ռոշէ» (Rocher) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 23 հոկտեմբեր 2019, 228 էջ (Միջին Արեւելքի ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն այժմու վիճակը ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները) (ֆրանսերէն):

Զիֆլիօղլու Վերճիհան, «Սթամպուլի հայերը գոյատեւման ու վերացման միջեւ», «Սոսիալ» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2019, 165 էջ (13 x 19,5 սմ.) (Սթամպուլի հայութեան վերջին տասնամեակներու խնդիրները, լուսանկարներ) (թրքերէն):

Համաստեղ, «Աղօթարան», հայերէնէ թարգմանեց Վարդան Մատթէոսեան, Ա. Մ. Ն.ի արեւելեան անթիլիասական թեմի առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակութիւն, տպարան «Delta Printing», Նիւ Եորք, 2018, 67 + 53 էջ (13 x 19,5 սմ.) (67 էջը՝ հայերէն բնագիրին վերատպութիւնը, 53 էջը՝ անգլերէն թարգմանութիւնը` թեմի առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ներածական խօսքով): Լոյս տեսած է Անուշաւան սրբազանի ընտրութեան առիթով՝ հայ եւ օտար քանի մը մեկենասներու գումարներով:

Մանճիկեան Յակոբ եւ Աւետեան-Մանճիկեան Քնար, «Հարիւրամեակ Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան եւ նոյնանուն երկրորդական վարժարանին», Ա. հատոր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս – Լիբանան, 2018 (լուսանկարներ, փաստաթուղթերու շարադրանքներ կամ պատճէններ, Քեսապի շրջանի վարչական քարտէսը): Հատորը լոյս տեսած է տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Սիլվա Մանճիկեաններու մեկենասութեամբ:

Մուղալեան Սաթօ, «Մոխիրներու խնճոյք – Երուսաղէմի մէջ հայկական յախճապակիի աւանդութեան հիմնադիր Դաւիթ Օհաննէսեանի կեանքն ու արուեստը», Սթանֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., ապրիլ 2019, 440 էջ (հեղինակը գրած է իր մեծ հօր կեանքի ու արուեստի մասին) (անգլերէն):

Յարութիւնեան Համազասպ, «Դիւանագէտի գրառումներ», խմբագիր՝ Ալպերթ Նալպանտեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 276 էջ + 14 էջ լուսանկարներու ներդիր էջ (15,1 x 20,8 սմ.) (1943-էն սկսեալ խորհրդային դիւանագիտութեան մէջ զգալի աւանդ ունեցած, 1959-1963-ին Գանատայի մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի դեսպանի յուշագրական օրագիրը) (ռուսերէն. կայ նաեւ հայերէն առանձին տպագրուած տարբերակը):

«Յորդանանի հայերը – Գիտաժողովի նիւթեր», հրատարակութիւն Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2019 (Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ 22-24 մայիս 2016-ին կայացած գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուն):

Նալպանտեան Վարդգէս, « «Կ’ուզեմ դրօշակով մը մեռնիլ» – Եթովպիա. Պատրանքներս եւ խաբկանքներս», հեղինակային հրատարակութիւն, 2019, 210 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (եթովպիահայ գործարար հեղինակին ու ընդհանրապէս գաղութին ապրած ծանր կեանքը Եթովպիոյ 1974-ի յեղափոխութենէն ետք) (անգլերէն):

Սաֆրաստեան Ռուբէն, «Մուսթաֆա Քեմալ – Պայքար Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ 1919-1921 թթ.», «Տիր» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019:

Սնապեան Պօղոս, «Աղքատներուն աւանդութիւնը», հայերէնէ թարգմանեց Նորա Արիսեան, հրատարակութիւն Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան Սուրիական գիրքի ընդհանուր տեսչութեան, Տամասկոս, 2019, 135 էջ (7 պատմուածք եւ Պ. Սնապեանի կենսագրութիւնը) (արաբերէն):

(Ինը հեղինակներ), «Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովրդի կորուստների եւ հատուցման կառուցակարգերի մեթոտաբանական հիմքերը», հրատարակիչ՝ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկ, «Տիր» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 608 էջ: Աշխատութիւնը հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:

Փինկէ Քաթերին, «Լուսանկարչութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ – Հայկական պատմութիւն մը», «Էլիթիս» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 8 նոյեմբեր 2018, 192 էջ (19 x 26 սմ.) (նիւթեր Օսմանեան Պետութեան մէջ լուսանկարչութեան արուեստի հայ վարպետներուն մասին, բազմաթիւ լուսանկարներ Փիեռ տը Կիրոռի դիւանէն) (ֆրանսերէն):

Քիզեր Հանս-Լուքաս, Անտերսըն Մարկարէթ Լավինիա, Պայրաքտար Սեյհան եւ Շմուց Թոմաս (խմբագիրներ), «Օսմանցիներու վախճանը. 1915-ի ցեղասպանութիւնը եւ թրքական ազգայնականութեան քաղաքականութիւնը», I. B. Tauris հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2019, 384 էջ (Հայոց ցեղասպանութեան մասին հայ, թուրք ու եւրոպացի հեղինակներու գիտական յօդուածներու ժողովածու) (անգլերէն):

– Քիւրքման Կարօ, «Օսմանեան շրջանի արքունի ոսկերիչները, 1853-1871», խմբագիր՝ Մեսութ Կէօք, «Քորփուս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2019, 469 էջ (հայոց նպաստը օսմանեան ոսկերչական պալատական արուեստին, բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ) (թրքերէն): Հատորը լոյս տեսած է Այտա Այվազի «զօրակցութեամբ»:

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան