Ինքնութիւն եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւն. Արա Սանճեան

2352

 

 

ԽՄԲ. Այս յօդուածին նախնական տարբերակը իբրեւ զեկուցում ներկայացուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով 2017 Յուլիս 11-13-ին, Պիքֆայայի մէջ կայացած «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի Հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորհրդաժողովին։

 —–

Թէեւ հայկական հասարակական ու քաղաքական տրամասոյթին (discourse) մէջ հաստատուած սովորութիւն կայ «Հայաստան», «հայրենիք» ու «սփիւռք» եզրերը իբրեւ եզակի գոյական օգտագործելու, նոյնիսկ երբեմն գրաւոր խօսքի մէջ` «հայրենիքն» ու «սփիւռքը» գլխագրելու, այդ հասկացութիւններուն բազմազանութիւնն ընդունիլն ու ըմբռնելը անխուսափելի են որեւէ արդիւնաւէտ գործունէութեան ծրագիր նախագծելու եւ յետոյ զանիկա կենսագործելու համար։ Այնքա՜ն բազմազան է հայ սփիւռքն այս օրերուն, որ բնականաբար շատ դժուար պիտի ըլլար անոր տարաբնոյթ հատուածներէն առնուազն մէկական ներկայացուցիչ ի մի հաւաքել այս խորհրդաժողովին համար։ Այսուհանդերձ, անհրաժեշտ է, որ միշտ ի մտի ունենանք նաեւ բացակայ հատուածները` մեր քննարկումներուն, դատողութիւններուն եւ առաջարկներ ներկայացնելու ժամանակ։

Մօտաւորապէս 2008-ին էր, երբ հրապարակ նետուեցաւ աշխարհի երեսին 10 միլիոն Հայեր ըլլալու թեզը, ըստ որում այդ 10 միլիոնէն երեքը կը բնակէր Հայաստանի մէջ, իսկ մնացեալը` Սփիւռքի[1]։ Վերջին տասնամեակին, սակայն, Հայաստանի բնակչութիւնը կը շարունակէ անշեղօրէն նուազիլ` յօգուտ սփիւռքի։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, 1992-2016-ին Հայաստանէն արտագաղթած է շուրջ 1 միլիոն 63 հազար մարդ[2]։ Միայն 2010-2016-ին, իւրաքանչիւր օր Հայաստանէն անդարձ մեկնած է մօտ 118 մարդ։ Այս թիւերն աւելի մեծ պիտի ըլլային եթէ Սուրիոյ մէջ 2011-ին բռնկած քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով բազմահազար Հայեր Հայաստանի մէջ ապաստան փնտռած չըլլային։ Այսօր, պաշտօնական տուեալներով անգամ, Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը երեք միլիոնէն պակաս է[3], աւելի քիչ` քան 1978 թուականին էր։ Իսկ Հայաստանի առկայ բնակչութիւնը դեռ ա՛լ աւելի նուազ կը գնահատուի[4]։ Այս բոլորն ակամայ աւելի կը կարեւորեն օրէցօր ուռճացող սփիւռքահայ համայնքներուն եւ անոնց բազմազանութեան վրայ ուշադրութիւն սեւեռելը։

Հայաստանն ունի իր ուրոյն կառավարական կառոյցը, որ իր ընկերա-տնտեսական քաղաքականութիւնը ամուր հիմքերու վրայ դնելու համար պարտաւոր է եւ արդէն իսկ պարբերաբար կը կատարէ երկրի բնակչութեան թուի հաշուարկում` անկախ այն հանգամանքէն թէ խորհրդային ժամանակներէն ի վեր, Հայաստանի մէջ չէ փոխուած ժողովրդային լայն խաւերու անվստահութիւնը կառավարութեան յայտարարած վիճակագրական տուեալներուն հանդէպ։ Առաւել, խորհրդային օրերէն ժառանգ մնացած է այն սովորութիւնը, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի պաշտօնական արձանագրութիւններու համար պէտք է որոշէ նաեւ իր ազգութիւնը։ Այս առումով, նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան տարբաղադրումէն ետք, ներկայիս կարելի է ճշդել Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի կամ Արցախի, թերեւս նաեւ նախկին խորհրդային այլ հանրապետութիւններու մէջ բնակող եւ իրենք զիրենք Հայ դասող անձերու թիւը։

Աշխարհասփիւռ միւս պետութիւնները, սակայն, ուր նկատելի թիւով Հայեր կ’ապրին, միշտ չէ, որ նոյն հնարաւորութիւնը կ’ընձեռեն վերջիններուս ճշգրիտ թուաքանակն ունենալու համար։ Հաւանական է, որ կարգ մը երկիրներու հայագաղութներուն համար գրաւոր աղբիւրներու մէջ տարիներէ ի վեր շրջանառուող թիւերը ուռճացուած են։ Օրինակ, երբ շուրջ մի քանի տասնամեակ է արդէն հայատառ գիրքերու կամ մամուլին մէջ կը կարդանք թէ ԱՄՆ-ու մէջ Հայոց թիւը անցած է մէկ միլիոնը, 1990-ի մարդահամարին իրենց Հայ ըլլալը պաշտօնապէս արձանագրած էին ընդամէնը 308.096, 2000-ին` 385.488[5], իսկ 2010ին` 474.559 մարդ[6]։

Մեր խորհրդաժողովին վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենար Սփիւռքահայութեան թուաքանակին մանրազնին ճշգրտումը։ Բայց յատկապէս երբ այս յօդուածի վերջաւորութեան անդրադարձ պիտի կատարուի ժամանակակից Հայաստանի եւ արտասահմանի Հայութեան փոխյարաբերութիւններուն, կարելի չափով իրապաշտ թիւ մը ունենալը կարեւոր է` Հայաստանէն դուրս բնակող Հայութեան ներուժը ճիշդ գնահատելու համար։ Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական բանավէճերուն մէջ յաճախ կը վկայակոչուի «սփիւռքը»` իբրեւ միազանգուած երեւոյթ (monolith), ըլլա՛յ այդ Հայաստանի մէջ ընկերա-տնտեսական թռիչքային զարգացում ապահովելու քննարկումներու ժամանակ, ըլլա՛յ Հայաստանի ու Ազէրպայճանի միջեւ առկայ ռազմա-տնտեսա-դիւանագիտական հաւասարակշռութիւնը հաշուարկելու ատեն։ Եւ քանի որ երկու պարագային ալ սփիւռքին մեծ դեր կը վերապահուի, անոր կարողականութեան գերագնահատումը եւ անստոյգ տուեալներու հիման վրայ քաղաքական որոշումներ որդեգրելը կրնայ նոյնիսկ երկիրը աղէտներու առաջնորդել։

Սփիւռքահայութեան ընդհանուր թիւը ճիշդ պատկերացնելու համար ո՛չ միայն հարկաւոր է իւրաքանչիւր հիւրընկալ երկրի համար ունենալ արժանահաւատ տուեալներ, այլեւ պէտք է հաշուի առնել սփիւռքահայ ինքնութեան անմիջապէս առընչուող ուրիշ բարդութիւններ։ Առաջին հերթին, ի՞նչ չափանիշերով պէտք է որոշել Հայաստանի սահմաններէն դուրս բնակող անձի մը «Հայ» ըլլալ-չըլլալը։ Ամէն ոք, զոր մենք «Սփիւռքահայ» կ’անուանենք, ինք անձամբ պատրա՞ստ է այլոց առջեւ ինքզինք «Հայ» ներկայացնելու, առաւել եւս` իր «հայ» ինքնութիւնը դրսեւորելու համար` ան պատրա՞ստ է իր սովորական առօրեայէն դուրս որեւէ բան կամ, ինչպէս յաճախ կ’ըսենք, որեւէ «զոհողութիւն» կատարելու։

Իւրաքանչիւր անհատ ունի սովորաբար զիրար չբացառող մէկէ աւելի ինքնութիւններ

Մերօրեայ բարդ ու փոխկապակցուած աշխարհին մէջ, իւրաքանչիւր անհատ ունի սովորաբար զիրար չբացառող մէկէ աւելի ինքնութիւններ, ներառեալ` գենդերային (gender), ցեղային (ռասայական), էթնիկական, կրօնական, դասակարգային, ինչպէս նաեւ` քաղաքացիական, արժեհամակարգային եւ այլն։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրն աւելի կամ պակաս շեշտակիութեամբ կրնայ դրսեւորուիլ տարբեր պայմաններու ներքոյ։ Եթէ իւրաքաչիւր անհատի՝ այս համատեղ, բայց տարբեր ինքնութիւնները փորձենք սանդղակի վերածել, ապա մեր կողմէ աներկբայ իբրեւ «սփիւռքահայ» դասուած տարբեր անձերու մօտ համապատասխանաբար ո՞ր աստիճանին վրայ հանդէս պիտի գայ անոր էթնիկական, «հայ» ինքնութիւնը։ Անկէ ալ պիտի բխի թէ նոյն անհատը ի՛նչ որակի ու քանակի «զոհողութիւն» մատուցելու պատրաստ է։

Գալով հայրենիքին հետ սփիւռքահայ անհատի առընչութիւններուն, այսինքն` անոնց, որոնք հաստատաբար կ’ընդունին իրենց «Հայ» ըլլալը, ապա անվարան կարելի է աւելցնել, որ սփիւռքահայ այդ զանգուածներուն մօտ «հայրենիքի» ընկալումը պարզորոշ, կամ ինչպէս Արեւելահայերը պիտի նախընտրէին ըսել` միանշանակ, չէ։ «Հայրենիք» ըսելով բոլորը նոյն յստակ աշխարհագրական տարածքն ու քաղաքական իրավիճակը ի մտի չունին։

Հայ սփիւռքը կազմաւորուած է Մեծ Եղեռնէն առաջ

Հայ սփիւռքը կազմաւորուած է Հայկական Լեռնաշխարհէն եւ աւելի ուշ` Կիլիկիայէն արտագաղթի տարբեր ալիքներու հետեւանքով։ Մեծ Եղեռնէն առաջ իսկ կենսունակ հայագաղութներ կային, որոնք գոյատեւեցին` երբեմն նորեկներով համալրուած, Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ու Կիլիկիոյ պարպումէն ետք։ Միայն 1960-ականներէն ետք է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը յետ-եղեռնեան սփիւռքին մէջ ինքնութեան համընդհանուր կիզակէտ սկսաւ համարուիլ, նոյնիսկ` անոնց համար, որոնք Մեծ Եղեռնին առընչուող ընտանեկան պատմութիւններ չունէին։ Այս փոփոխութիւնը յառաջացաւ երբ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը սկսաւ սփիւռքի մէջ գործող բոլոր քաղաքական հոսանքներուն աշխատանքային օրակարգը գլխաւորել։ Այդ օրերուն, Արեւելահայաստանէն մեծ արտահոսքը դէպի սփիւռք տակաւին չէր սկսած։

«Հայրենիք» եզրին մեկնաբանութիւնը եւ տարակարծութիւններ` Ցեղասպանութեան ճանաչման յաջորդելիք հաւանական քայլերուն շուրջ

Այսօր ալ, որքան ատեն, որ «Հայ դատ» ըսելով, կը շարունակենք Թուրքիայէն ու միջազգային հանրութենէն գլխաւորաբար պահանջել, որ բացէ ի բաց ճանչնան 1915-1916-ի տարագրութիւններուն ու ջարդերուն ցեղասպանական բնոյթը, այս նպատակին շուրջ վերջին տասնամեակներուն ո՛չ միայն սփիւռքի մէջ, այլ` աշխարհով մէկ գոյացած է հայկական համախոհութիւն։ Միաժամանակ, սակայն, եւ մասամբ` կախեալ այն հանգամանքէն թէ տարբեր սփիւռքահայեր ի՛նչ մեկնաբանութիւն կը հաղորդեն «հայրենիք» եզրին, տարակարծութիւններ առկայ են այդ ճանաչման յաջորդելիք հաւանական քայլերուն շուրջ։ Յետ-եղեռնեան սփիւռքին մէջ նկատելի թիւով Հայերու համար ակնկալուած պաշտօնական ճանաչումը թուրք պետութեան որդեգրած ներկայ կեցուածքին դէմ իրենց մերօրեայ պայքարին վերջակէտը պիտի ըլլայ։ Յետեղեռնեան սփիւռքի ուրիշ հատուածի մը համար, սակայն, այդ ճանաչումը միայն սկի՛զբը պէտք է դառնայ պայքարի աւելի լուրջ հանգրուանի մը, որ պիտի ընդգրկէ ե՛ւ նիւթական ու մարդկային կորուստներու հատուցում ե՛ւ ներկայիս Թուրքիոյ մաս համարուող Պատմական Հայաստանի առնուազն որոշ տարածքներու վրայ հայկական քաղաքական գերիշխանութեան վերահաստատում։ Այս տարբերութիւնը անպայմանօրէն կ’ազդէ տուեալ սփիւռքահայ խումբերուն ինքնութեան համապատասխան դրսեւորումներուն վրայ, որովհետեւ ինքնութիւնը սովորաբար կը բխի նա՛եւ քաղաքական տարբեր յանձնառութիւններէ եւ միաժամանակ կը կերտուի անոնցմով։

Արեւմտահայութեան ժառանգները չեն ուզեր տարբերիլ զիրենք հիւրընկալող հասարակութեան մեծամասնութենէն

Միջազգային ճանաչումը այսօր իրենց մղած պայքարի վերջը կը համարեն յատկապէս Արեւմտահայութեան այն ժառանգները, որոնք արդէն յաջողութեամբ հաստատուած են նոր երկիրներու մէջ, գոհ են իրենց կեանքէն, իրենց ծնած ու մեծցած միջավայրէն, զանիկա իրենց հարազատ կը նկատեն, աւելի ու աւելի կ’ուզեն չտարբերիլ զիրենք հիւրընկալած հասարակութեան մեծամասնութենէն եւ այլեւս վերադարձի խնդիր չեն ո՛չ իրենց ապուպապերուն լքած բնակավայր Փոքր Ասիան, Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան, ո՛չ ալ Հայոց պատմական հայրենիքի այն հատուածը, որ ներկայիս հայկական գերիշխանութեան ներքոյ է, այսինքն` Հայաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն տարածքը։ Սփիւռքահայութեան այս հատուածը կրնայ տակաւին կառչած ըլլալ ներկայիս իր բնակավայրի հայ եկեղեցիին, հետամուտ ըլլալ անոր եւ անոր շուրջ հաւաքուած հայ համայնքի գոյատեւման ու բարգաւաճման, միաժամանակ` որոշ տարրական տուեալներ ամբարել հայ անցեալի ու մշակոյթի, յատկապէս` իր պապենական բնակավայրին մասին ու զանոնք փոխանցել յաջորդ սերունդին, կեանքի ընթացքին մէկ կամ երկու անգամ իբրեւ զբօսաշրջիկ այցելել Պատմական Հայաստան կամ Կիլիկիա, ինչպէս նաեւ ժամանակակից Հայաստան եւ Արցախ, երբեմն նուիրատւութիւններ կատարել Հայաստանի կամ Արցախի մէջ իրագործուող ծրագրի մը համար, բայց ո՛չ` շատ աւելին։ Ան կանոնաւորաբար չի հետեւիր Հայապատկան զանգուածային լրատու միջոցներուն, քիչ հետաքրքրուած է ժամանակակից Հայաստանի ներքին կեանքի մանրամասնութիւններով, իսկ Ղարաբաղեան հակամարտութեան ռազմական ու բանակցային երեսակներուն մասին իր ունեցած տուեալները շատ մակերեսային են։ Ան չի հաւատար սփիւռքահայ ուրոյն կրթահամակարգի մը ո՛չ միայն արդիւնաւէտութեան, այլ յաճախ նոյնիսկ` առաքելութեան։

Ի հարկէ, արտակարգ իրավիճակներ կրնան յանկարծակիօրէն յօդս ցնդեցնել հարազատութեան եւ ապահովութեան զգացումը, ինչպէս վերջին տարիներուն պատահեցաւ Իրաքի եւ Սուրիոյ Հայութեան պարագային։ Բայց, նոյն Սուրիահայութեան վարքագիծէն միաժամանակ տեսանք թէ նոյնիսկ պատերազմական աւերի եւ անհեռանկար քաղաքական պայմաններու ներքոյ, ան դիւրութեամբ չհրաժարեցաւ այն միջավայրէն, ուր տասնամեակներէ ի վեր խոր արմատներ նետած էր եւ նո՛յնիսկ երկիրը լքելէ ետք, շատ հայ գաղթականներ նախընտրեցին իրենց ապագան փնտռել Հիւսիսային Ամերիկայի, Արեւմտեան Եւրոպայի կամ Աւստրալիոյ մէջ` հաշուի առնելով վերջիններուս տնտեսական առաւելութիւնները։ Ուրեմն, եթէ Հայաստանի պետութիւնն ու սփիւռքի մէջ հայ ազգային գաղափարախօսութեամբ իսկապէս տոգորուած անձինք կ’ուզեն ժամանակակից Հայաստանը յետեղեռնեան սփիւռքին գլխաւոր կիզակէտը դարձնել, անոնք պէտք է իրենց հեռանկարային ծրագրերը մշակեն հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Սփիւռքահայութեան ցարդ ներկայացուած այս ստուար հատուածին հոգիներն ու սրտերը գրաւելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան մրցակիցներն են ո՛չ միայն այն հիւրընկալ երկիրները, ուր կայուն հայագաղութներ հաստատուած են տասնամեակներէ ի վեր, այլեւ աշխարհի տարածքին տնտեսապէս մրցունակ եւ աւելի բարգաւաճ պետութիւնները եւս, որոնք ներգաղթողներ կ’ընդունին։

Հայաստանը՝ շատ մը Սփիւռքահայերու հաւատարմութեան առաջին կայան դառնալու համար պէտք է ըլլայ նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ մրցունակ երկիր

Ժամանակակից Հայաստանին նախնեաց հայրենիքէն մնացած միակ ինքնիշխան հատուածը ըլլալու փաստը բաւարար չէ շատ Սփիւռքահայերու համար, որ իրենց ապագան կապեն անոր հետ։ Հայաստանը անոնց հաւատարմութեան առաջին կայանը դառնալու համար պէտք է ըլլայ նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ մրցունակ երկիր։ Գուցէ Հայաստանին բաւարարէ Սփիւռքահայութեան այս հատուածէն մի քանի սերունդ որոշակի օգուտ ստանալու հնարաւորութիւնը` մինչեւ անոնց վերջնական ձուլումը իրենց հիւրընկալ հասարակութիւններուն մէջ։ Հայաստանի կառավարութեան վերջին տարիներուն մշակած որոշ ծրագրերը արդէն իսկ միտուած են Սփիւռքահայութեան այս հատուածը որոշ չափով Հայաստանով շահագրգռելու` իբրեւ նախնեաց հայրենիք ու միաժամանակ միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած երկիր։ Այդ ծրագրերը ուրիշ պետութիւններու մէջ արդէն իսկ արմատաւորուած Հայերը հայրենադարձելու ուղղակի նպատակ չեն հետապնդեր։ Սփիւռքահայ այն գործիչները, սակայն, որոնց գործունէութեան նպատակակէտն է այսպէս ըսած «Հայը Հայ պահելը», ի վերջոյ պիտի յանձնուին այն դառն իրականութեան թէ իրենց ամբողջ իրագործածը՝ գործընթացն առաւելագոյնը դանդաղեցնելն էր եւ անխուսափելի վերջնարարը ուշացնելը։

Ժամանակակից հայ սփիւռքի տեսութեան հարցերով զբաղող շարք մը մասնագէտներ տեղին չեն համարեր սփիւռքներու համար վերջնակէտ տեսնելը կամ անոնց վերջնական ձուլումն անխուսափելի համարելը։ Անոնք ցոյց կու տան թէ գաղթական շատ խմբաւորումներ (մեր պարագային` Պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ տարածքէն տարբեր պատճառներով հեռացած Հայերը) ժամանակի ընթացքին կը սփիւռքանան (diasporization), այսինքն` թէեւ անոնք գործնապէս կը հրաժարին վերադարձի գաղափարէն, բայց տակաւին բազմաթիւ սերունդներ կը շարունակեն իբրեւ հաւաքականութիւն գոյատեւել զիրենք հիւրընկալած պետութիւններուն կամ հասարակութիւններու գիրկէն ներս` գիտակցաբար պահպանելով իրենց որոշ ընդհանուր յատկանիշերը[7]։

Անձնապէս, որակական տարբերութիւն չեմ տեսներ իմ կողմէս ձուլումին իբրեւ վերջնակէտ շեշտադրուելուն եւ գործակիցներուս կողմէ Հայոց պատմութեան մէջ սփիւռքացածութեան (կամ ինչպէս նախապէս կ’ըսէին` հայ գաղթավայրերուն) արդէն իսկ դարերէ ի վեր շարունակական երեւոյթ ըլլալը ընդգծուելուն միջեւ։ Նշելով ձուլման վախճանակէտն ըլլալը, երբեք այդ գործընթացին համար տիպաբանութիւն չեմ ներկայացուցած, ո՛չ ալ գուշակած եմ ընդհանուր տիպաբանական կամ տարբեր գաղութներու համար առանձինն-առանձինն դէպի ամբողջական ձուլում ճանապարհի մօտաւոր ժամանակացոյց, քանի որ ո՛չ միայն հիւրընկալող տարբեր երկիրներու քաղաքական, հասարակական ու մշակութային պայմանները բազմազան են, այլ որովհետեւ հայ պատմական ժողովրդագրութեան հիմնական յատկանիշերէն մէկն ալ յաճախ գաղութի մը շատնալն ու հզօրանալը ուրիշ նօսրացողի մը հաշուոյն եղած ըլլալն է։ Այդ գործընթացներն ու անոնց յստակ ժամանակացոյցը շատ դժուար է կանխատեսել։

Առաւել եւս, ընդգծումս թէ բոլոր սփիւռքահայ համայնքներն ի վերջոյ, առնուազն` տեսականօրէն, դատապարտուած են ձուլման, պէտք չէ երբեք մեկնաբանել որպէս այդ գործընթացը մեր իսկ կողմէ արհեստականօրէն արագացնելու կոչ, ո՛չ ալ ժխտում այն հանգամանքին թէ Հայոց պատմութեան աստեղային բազմաթիւ ժամեր իրականացած են ու դեռ կրնան իրականանալ Հայաստանի սահմաններէն դուրս։ Մեր անձնական կեանքէն ներս ալ, բոլորս կը գիտակցինք մեր մահկանացու ըլլալը, բայց, երբ հիւանդանանք, բոլորս ալ բժիշկին կը վազենք։ Ո՛չ ալ կը ձգտինք արագացնել մեր մերձաւորներուն մահը` գիտակցելով, որ թէ՛ նորածին մանուկները, թէ՛ ալեհեր ծերունիները տակաւին տալիք բաներ ունին իրենց շրջապատին։ Այստեղ դարձեալ, ըստ իս, հարցը կը բխի Հայութեան ընդհանուր կարողականութիւնը ճշգրիտ կարենալ հաշուարկելու եւ երազային, անիրականանալի բեմագրերէ (scenario) խուսափելու անհրաժեշտութենէն։

Զանազան նպատակներով հայաստանեան քաղաքացիութեան դիմողները կամաց-կամաց աւելի հարազատ պիտի զգա՞ն Հայաստանի հանդէպ

Սակայն, եթէ Հայաստանը նա՛եւ կարողանայ դուրս գալ ներկայիս տնտեսական իր տեղապտոյտէն, սկսի արձանագրել կայուն տնտեսական աճ, դառնայ իրաւական պետութիւն, ուր բոլորը քիչ թէ շատ իրողապէս հաւասար ըլլան իրենց իրաւունքներով ու պարտականութիւններով` այսպիսով վերաճելով միջազգային հարթակներու վրայ աւելի մրցունակ պետութեան մը, այս դրական տեղաշարժերը` նոյնիսկ առանց Հայաստանի պետութեան կողմէ յաւելեալ ջանքի, աւելի պիտի ջերմացնե՞ն վերոյիշեալ յետ-եղեռնեան սփիւռքահայ հատուածին սրտերը ժամանակակից Հայաստանի հանդէպ, զանիկա պիտի մղե՞ն աւելի առընչակից ըլլալու Հայոց երկրի առօրեային, նոյնիսկ` օր մը վերջնապէս Հայաստան հաստատուելու մասին մտածելու։ Նկատի առնենք, որ Լիբանանի մէջ այս օրերուս որոշ Հայեր հայաստանեան քաղաքացիութիւն ստանալով հետաքրքրուած են գլխաւորաբար այն յոյսով, որ հայաստանեան անձնագիրով իրենց համար աւելի հեշտ պիտի ըլլայ ամերիկեան կամ շենկենեան մուտքի անցաթուղթ ստանալը։ Այդ անձնագիրն ստանալէ ետք, սակայն անոնք միաժամանակ կամաց-կամաց աւելի հարազատ պիտի զգա՞ն Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ։ Բարձրացուցած այս անմիջական եւ վերոյիշեալ, երկարաժամկէտ գետնի վրայ եւ աւելի համապարփակ հարցումներս այսօր կրնան տեսական թուիլ։ Բայց, այս պարբերութեան սկիզբը ուրուագծուած լաւատեսական բեմագրի իրականացման պարագային, անոնք պէտք է յատուկ ուսումնասիրութեան ենթարկուին` գործադրուող քաղաքականութիւնն աւելի մշակելու եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու յոյսով։

Վերադարձի գաղափարին գործնապէս հաւատացող Սփիւռքահայերը

Բայց յետեղեռնեան սփիւռքին մէջ կան նաեւ տակաւին վերադարձի գաղափարին գործնապէս հաւատացող եւ ո՛չ թէ ատիկա մեքենականօրէն` պարզապէս իբրեւ ընդունուած կարգախօս կրկնող Սփիւռքահայեր»։ Ասոնց թիւը գուցէ աւելի քիչ է քան անոնց, որոնք արդէն համակերպած են ուշ կամ կանուխ ձուլման գաղափարին։ Միաժամանակ, սակայն, ասոնք շատ յաճախ, տարբեր հայագաղութներու մէջ աւելի գործօն տարրը կը կազմեն։ Ուստի, համապատասխան գաղութներէ ներս իրենց ընդհանուր ազդեցութիւնն աւելի է քան իրենց տոկոսաքանակը։

Որոշ մարդոց համար՝ Ժամանակակից Հայաստանն ու Արցախը չեն կրնար հանդիսանալ Արեւմտահայաստանը կամ Կիլիկիան փոխարինողը

Այս խմբաւորման մէջ որոշ մարդոց համար միա՛կ իտէալական վերադարձը դէպի իրենց պապենական բնակավայրն է, Արեւմտահայաստանը կամ նոյնիսկ Կիլիկիան` երբ ի հարկէ օր մը արմատական փոփոխութեան վերաենթարկուի Միջին Արեւելքի ժամանակակից քաղաքական քարտէսը։ Այս խմբաւորման համար ժամանակակից Հայաստանն ու Արցախը Արեւմտահայաստանը կամ Կիլիկիան փոխարինողը չեն կրնար հանդիսանալ։ Թէեւ քաղաքական ներկայ իրադրութեան մէջ իրենց ցանկութեան իրականանալը մօտիկ ապագային շատ քիչ հաւանական է, կարելի չէ այս հատուածին դերակատարութիւնը զանց ընել յետեղեռնեան սփիւռքահայ քաղաքական քարտէսը գծագրելու ժամանակ։ Անոնք շատ յաճախ համայնքային կեանքը կազմակերպողներու առաջին շարքերուն վրայ են։

Դէպի պապենական հողեր հասնելու ճանապարհին, այս խումբը կարելի է բաժնել եւս երկու ենթամասի` անոնք, որոնք այդ գործընթացը կը պատկերացնեն ժամանակակից Հայաստանի պետութենէն ամբողջովին անկախ եւ անոնք, որոնք 1991-ին վերանկախացած Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղի համար ընթացող պայքարը կը սեպեն նոյն նպատակին հասնելու համար հանգրուանային եւ գուցէ անհրաժեշտ քայլ մը։

Կան նաեւ ժամանակակից Հայաստանն ու Արցախը իբրեւ Հայ դատի համընդհանուր լուծման համար հանգրուանային յառաջընթաց համարող Սփիւռքահայերը

Այս զեկուցման շրջանակէն ներս, միասնաբար պիտի քննարկուին ժամանակակից Հայաստանն ու Արցախը իբրեւ Հայ դատի համընդհանուր լուծման համար հանգրուանային յառաջընթաց համարողներն ու այն Սփիւռքահայերը, որոնց համար հետաքրքրութեան առաջին, նոյնիսկ կարելի է ըսել` միակ, առարկան ժամանակակից Հայաստանն է` թերեւս Արցախով միասին։ Այս վերջին հատուածին կը պատկանին այն յետեղեռնեան Սփիւռքահայերը, որոնք գործնապէս հրաժարած են Արեւմտահայաստանի կամ Կիլիկիոյ վերադարձը քաղաքական նպատակ համարելէ, բայց ամրօրէն կառչած ըլլալով իրենց հայկական ինքնութեան, ժամանակակից Հայաստանին մէջ կը տեսնեն հայ ինքնութիւնը կենսունակ պահելու ատակ աշխարհագրական միակ տարածքը։ Անոնք յաճախ կը մտմտան Հայաստան հաստատուելու մասին` միայն թէ յանուն ազգային ինքնութեան պահպանումին՝ իրենց երազած տեղափոխութիւնը չըլլայ իրենց եւ իրենց ընտանիքին տնտեսական ու կենցաղային բարօրութեան, իրենց զաւակներուն ստանալիք կրթութեան որակին հաշուին[8]։

Այս երկու խումբերը կրնան որոշ պարագաներու մարտավարական հակասութիւններ ունենալ, օրինակ` եթէ ապագային վերստին քաղաքական քննարկման հարթակ վերադառնայ հայ-թրքական 2009-ի փրոթոքոլները վաւերացնելու հարցը։ Այլապէս, երկու խումբերն ալ ժամանակակից Հայաստանէն ունին նոյն ակնկալիքը` զանիկա տեսնել բարգաւաճ ու մրցունակ երկիր մը եւ շատ յաճախ կը ցանկան անմիջական մասնակիցը դառնալ երկրի արդիականացման ու զարգացման գործընթացին` ի հարկէ եթէ ատիկա ընելու համար իրենց թոյլտւութիւն ու գործնական ուղղութիւն տրուի։ Աւելի քան յետեղեռնեան սփիւռքի միւս շերտերը, այս երկու խումբերը կանոնաւորաբար կը հետեւին Հայաստանի ամէնօրեայ զարգացումներուն` առնուազն սփիւռքահայ լրատու միջոցներու եւ Հայաստանէն սփռուող հեռատեսիլի կայաններուն միջոցով, բայց յաճախ նաեւ` օրական որոշակի ժամանակ տրամադրելու գնով կարդալով հայաստանեան մէկ կամ աւելի, երբեմն քաղաքական շատ տարբեր դիմագիծ ունեցող լրատուական կայքէջեր։ Միաժամանակ, այս երկու խումբերուն ներկայացուցիչները կը ձգտին աւելի յաճախ այցելել Հայաստան եւ Արցախ։ Անոնցմէ մաս մը տարբեր նպատակներով արդէն իսկ բաւական երկար ժամանակ ապրած, ուսանած կամ աշխատած է Հայաստանի մէջ։ Կան նաեւ Հայաստանի մէջ բնակարան գնածներ, ուր կ’անցընեն տարին մի քանի շաբաթ կամ մի քանի ամիս։

Այս զեկուցման վերջին հատուածը պիտի կեդրոնանայ այս երկու խումբերուն ժամանակակից Հայաստանի պետական, քաղաքական ու հասարակական շրջանակներու հետ փոխյարաբերութիւններուն ներկայ իրավիճակին վերլուծման վրայ։

Կա՛մ համակերպիլ աստիճանական ձուլման, կա՛մ ալ յուսալ, որ օր մը պայմաններն աւելի ձեռնտու կ’ըլլան Հայաստանի մէջ

Մինչ այդ, սակայն, եւ պարզապէս ընդհանուր պատկերը կիսաւարտ չձգելու համար, շատ կարճ անդրադարձ մը ընենք Սփիւռքահայութեան մնացեալ հատուածներուն, առաջին հերթին` այն նոր ալիքներուն, որոնք 1975-էն ետք Հայաստանէն զանգուածային արտագաղթի եւ քիչ մը աւելի ուշ` Ազէրպայճանէն բռնագաղթի հետեւանք էին։ Մեր խորհրդաժողովին մէջ միլիոնն անցնող Հայութեան այս ստուար հատուածը դժբախտաբար ներկայացուած չէր։ Սփիւռքահայ այս զանգուածին առանձնայատկութիւններուն շատ աւելի նուազ ծանօթ ըլլալով, պիտի բաւարարուիմ հպանցիկ մի քանի նշումով։ Չեմ կարծեր թէ Ազէրպայճանէն բռնագաղթուած Հայերը քաղաքական նպատակ յայտարարած են վերադառնալ Պաքու եւ Սումկայիթ կամ նոյնիսկ Շամխոր ու Գանձակ, հակառակ անոր, որ Հայերն աւանդաբար վերջիններս Պատմական Հայաստանի մաս կը համարեն։ Անոնք հաշտուած ըլլալ կը թուին իրենց ծննդավայրի կորուստին։ Հայաստանէն վերջին 40-45 տարիներուն արտագաղթածներուն համար ալ, կարծեմ, չկայ մերօրեայ Հայաստանի պետական կամ Արցախի սահմաններէն դուրս Պատմական Հայաստանի մէկ այլ շրջան վերադառնալու ընտրանք։ Ուրեմն, ի տարբերութիւն յետ-եղեռնեան սփիւռքին, հայ սփիւռքի համեմատաբար այս նոր հատուածին համար ընտրանքները պարզապէս երկուքն են` կա՛մ համակերպիլ աստիճանական ձուլման` մինչ այդ որոշ ժամանակ պահպանելով համայնքային կառոյցներ, նաեւ` մասնակի կապ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, մանաւանդ եթէ հոն մերձաւոր ազգականներ ունին, կա՛մ ալ յուսալ, որ օր մը պայմաններն աւելի ձեռնտու կ’ըլլան ժամանակակից Հայաստանի մէջ (վերա)հաստատուելու համար։ Հայաստանէն ու Ազէրպայճանէն մեկնած Հայերը աւելի քիչ տրամադրուած են ուղղակի համագործակցելու Հայաստանի պետական կառոյցներուն հետ։ Անոնց կապը գլխաւորաբար իրենց հայաստանաբնակ հարազատներուն հետ է եւ իրենց դրամական փոխանցումները (remittance) անուրանալի դեր կը խաղան Հայաստանի տնտեսութեան մէջ։

Նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ բնակող Հայերը «սփիւռքահայ» կը համարուին Հայաստանի մէջ

Այսօր Հայաստանի մէջ «սփիւռք» կը համարուին նաեւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ բնակող Հայերը` հնաբնակներ եւ 1991-էն ետք Հայաստանէն ու Ազէրպայճանէն այնտեղ արտագաղթածներ։ Մինչեւ Խորհրդային Միութեան տարբաղադրումը, համայնավար իշխանութիւնները խստիւ դէմ էին «ներքին սփիւռք» ձեւակերպման։ Այս անհատները կամ փոքրիկ համայնքները սփիւռքացան քաղաքական սահմաններու փոփոխութեան հետեւանքով` առանց փոխելու իրենց բնակավայրը։ Այստեղ եւս առկայ հիմնական երկու ընտրանքներն ըլլալ կը թուին աստիճանական ձուլումն ու ապագային Հայաստան (վերա)հաստատուիլը։

Ջաւախահայութեան պարագան

Ջաւախքի Հայութիւնը` իրաւականօրէն վրացահայութեան մէկ մասն ըլլալով, գործնապէս շատ տարբեր է Թիֆլիս եւ այլուր բնակող Հայերէն` հայկական պետութեան իր սահմանակցութեամբ, հայ բնակչութեան խտութեամբ եւ պատմական այն յիշողութեամբ թէ շրջանն աշխարհագրականօրէն միջնադարեան Մեծ Հայքի մէկ մասն էր։ Խորհրդային իշխանութեան առաջին իսկ տարիներէն Ջաւախքի Հայերը շարունակաբար սերտ կապեր պահպանած են հայկական հանրապետութեան հետ։ Շատ Ջաւախահայեր տեղափոխուած են Հայաստան` այնտեղ յաջողութեան աւելի մեծ հեռանկարներ տեսնելով, եւ այս զոյգ գործընթացները կը շարունակուին 1991-էն ետք ալ։ Ըստ իս, Ջաւախահայութիւնը կարելի է հայկական սփիւռքի միւս բաղադրիչներուն հաւասար դասել միա՛յն միջազգային-իրաւական առումով։ Որքան ատեն, որ բաց կը մնայ հայ-վրացական պետական սահմանը, Ջաւախքի կապերն Հայաստանի հետ աւելի սերտ ըլլալու ուժականութիւնն ունին քան որեւէ այլ հայագաղութի։

Թրքահայը՝ «սփիւռքահա՞յ»

Ի վերջոյ, ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին վրայ բնակող եւ Պոլսոյ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական կրօնական կառոյցներուն ենթակայ Հայութիւնն երկիմաստ կեցուածք ունի իր «սփիւռքահայ» ըլլալ-չըլլալուն հանդէպ։ Թուրքիոյ, նոյնիսկ` Պոլսոյ մէջ բնակող բազմաթիւ Հայեր կտրականօրէն կը մերժեն «սփիւռքահայ»-ու պիտակը` առարկելով թէ իրենք կ’ապրին իրենց պապենական հողերուն վրայ։ Այսուհանդերձ, այս հանրութեան գործնական կապերը Երեւանի հետ շատ տարբեր չեն սփիւռքի միւս աշխարհագրական հատուածներէն։ Ազգ-պետութիւններու դարաշրջանին մէջ, որ Թուրքիան թեւակոխած է Ի. դարու սկիզբէն, քաղաքական մեծամասնութիւնը լրջօրէն կը վերահսկէ թուական ու քաղաքական փոքրամասնութիւններուն (ներառեալ` պոլսահայութիւնը) մշակութային ազատութիւնները, նոյնիսկ` եթէ անոնք կը բնակին իրենց էթնոսի բնօրրանին մէջ։ Պոլսահայութեան համար եւս գործնական ընտրանքն այսօր թուրք հասարակութեան մէջ աստիճանաբար ձուլուելու եւ արդէն իսկ հայկական ամուր համայնքներ ունեցող արեւմտեան երկիրներ գաղթելու միջեւ է։ Քիչ են Հայաստան կամ Արցախ հաստատուելու երազ փայփայողները[9]։

Հայաստանով լրջօրէն հետաքրքրուած հատուածին ու Հայաստանի կառավարութեան եւ հասարակութեան փոխյարաբերութիւնները

Վերադառնանք, ինչպէս խոստացանք վերեւ, սփիւռքի մէջ Հայաստանով լրջօրէն հետաքրքրուած հատուածին ու Հայաստանի կառավարութեան եւ հասարակութեան փոխյարաբերութիւններուն, յատկապէս` անոնց փոխադարձ ակնկալիքներուն։ Այս երկու հատուածներն են, որ ամենաշատ կը յարաբերին մէկզմէկու հետ եւ անոնց միջեւ է, որ բնականաբար ամենաշատ կը յառաջանան նաեւ փոխադարձ յուսախաբութիւններն ու մէկ-մէկ նաեւ` հրապարակային մեղադրանքները։ Վերեւ նշեցինք արդէն թէ երկու տարբեր խումբերէ բաղկացած այս հատուածը կ’ուզէ ունենալ բարգաւաճ ու մրցունակ Հայաստան մը ու պատրաստ է անմիջական մասնակիցը դառնալու անոր արդիականացման ու զարգացման գործընթացին։ Միաժամանակ, սակայն, ինչպէս սփիւռքի միւս` Հայաստանին նուազ առընչակից հատուածները, սփիւռքահայ այս երկու խումբերն ալ կը յատկանշուին իրենց ապրած երկիրներուն, իրենց շրջակայ հասարակութիւններուն թողած քաղաքական, քաղաքացիական, տնտեսական, մշակութային ու արժեհամակարգային տարատեսակ ազդեցութիւններով։ Անոնց անդամները եւս ունին կրօնական, դասակարգային եւ այլ տարբերութիւններ։ Այս բոլորը պատճառ կը հանդիսանան, որ անոնց անդամները տարբեր արագութիւններով մերուին հայաստանեան հասարակութեան հետ։ Միաժամանակ, այս երկու խումբերուն տարբեր անդամներուն երազած ու պատկերացուցած կենսունակ Հայաստանի մանրամասն յատկանիշերը եւս յաճախ իրարու նման չեն, որոշ պարագաներու` նոյնիսկ հակոտնեայ կրնան ըլլալ։ Առաւել եւս, անոնցմէ ոմանց ակնկալիքները կրնան հակառակ ըլլալ նոյնիսկ Հայաստանի օրուան իշխանաւորներուն նախընտրութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն։

Սփիւռքի աւանդական կազմակերպութիւնները քիչ անգամ փորձած են ազդել Հայաստանի մէջ գոյացած կառավարման համակարգին վրայ

Կան սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ, որոնք 1988-ի դեկտեմբերեան երկրաշարժի օրերէն շարունակաբար կ’օժանդակեն Հայաստանին։ Այսպիսի մեծածաւալ եւ երկարաշունչ օժանդակութիւն անհնարին պիտի ըլլար, ի հարկէ, առանց հաւանութեանը նոյն ժամանակաշրջանի Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն։ Հաւանաբար սա է հիմնական պատճառը, որ տրամադրուած այս օժանդակութեան առիւծի բաժինը կազմած են բարեսիրական բնոյթի եւ երկրի ներքնակառոյցի բարելաւման միտուած քայլերը։ Սփիւռքի աւանդական կազմակերպութիւնները քիչ անգամ փորձած են հասարակութեան աւանդական եւ ընդհանրապէս պահպանողական ընկալումներէն դուրս համարուող օժանդակութիւններ տրամադրել կամ փորձել ազդել Հայաստանի մէջ գոյացող կառավարման համակարգին վրայ։ Առաւել, այս կազմակերպութիւններէն ոմանք սերտօրէն առընչուած են յետեղեռնեան սփիւռքի աւանդական, կրօնական ու կուսակցական կառոյցներուն հետ եւ դէպի Հայաստան ուղղուող իրենց օժանդակութիւնը` «հոգու պարտք» ըլլալու կողքին, նաեւ փորձ է Հայաստանի մէջ իբրեւ կազմակերպութիւն վերարմատաւորուելու եւ հոն նոր հետեւորդներ ապահովելու։ Այս ամէնն ի հարկէ թոյլատրուած է ժամանակակից Հայաստանի օրէնսդրութեամբ, բայց գործնական գետնի վրայ ան իր ազդեցութիւնը կը թողու օժանդակութիւն ուղարկող կազմակերպութիւններուն եւ օրուան հայաստանեան իշխանութիւններուն փոխյարաբերութիւններուն վրայ, առաջիններս մղելով, որ վերջիններէս նուազ պահանջկոտ ըլլան` ուղարկուած օժանդակութեան արդիւնաւէտութիւնը քննելու եւ արժեւորելու ընթացքին։

Միաժամանակ, կան համեմատաբար փոքր կազմակերպութիւններ, սովորաբար` աւելի նոր եւ յաճախ` անհատի մը նախաձեռնողական ոգիին արդիւնք, որոնք նոյնպէս երկար տարիներ շարունակ օժանդակութիւն կը հասցնեն Հայաստան եւ Արցախ։ Այս կազմակերպութիւններուն ալ նպատակները հաւանաբար տարաբնոյթ են, բայց որոշ մասնագէտներ անոնց ծնունդն ու յարատեւումը կը կապեն սփիւռքի մէջ սերնդափոխութեան հետ, երբ նորերն այլեւս համաձայն չեն հիներուն ստեղծած կազմակերպութիւններուն առաջնահերթութիւններուն հետ։ Սփիւռքահայ այս փոքր կազմակերպութիւններուն աշխատանքներուն` իբրեւ վճարովի մասնագէտ կամ ժամանակաւոր կամաւոր, յաճախ կը մասնակցին նաեւ որեւէ սփիւռքեան կազմակերպութեան մէջ շարունակական գործունէութիւն չծաւալող հայ անհատներ։ Այս փոքր կազմակերպութիւններուն տրամադրած օժանդակութիւնը սովորաբար նպատակաուղղուած կ’ըլլայ դէպի մէկ կամ ընդամէնը մի քանի բնագաւառ։ Սակայն, այս տիպի օժանդակութիւններն ալ հեզասահ ընթանալու համար պէտք է զգուշանան որոշակի բնագաւառներէ, որոնք կրնան անհաճոյ թուիլ օրուան իշխանաւորներուն։

Սփիւռքահայ անհատներն ու կազմակերպութիւնները կրնան Հայաստանին բացայայտ կերպով օգտակար ըլլալ, եթէ իշխանութիւնները թոյլատրեն ատիկա

Ի վերջոյ, սփիւռքահայ անհատներն ու կազմակերպութիւնները` անկախ իրենց համապատասխան ցանկութիւններէն, կրնան Հայաստանին բացայայտ կերպով օգտակար ըլլալ միա՛յն այնքան, որքան Հայաստանի մէջ քաղաքական իրադրութեան տէրը եղող անձինք կը թոյլատրեն ատիկա։ Անցեալ 25-30 տարիներուն յետ-եղեռնեան աւանդական սփիւռքէն դէպի Հայաստան ուղարկուած օժանդակութեան գերազանցապէս նիւթական բնոյթի ըլլալը բազմիցս քննարկուած է եւ երբեմն ալ` քննադատուած։ Բայց, հաշուի առնելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն բնականօրէն անիրաւահաւասար բնոյթը, երեւի այդ տիպի օժանդակութիւնն ամենահեշտ իրագործուողն էր։ Նիւթական օժանդակութիւններով գործադրուելիք ծրագրերը մեծ մասամբ կ’առաջարկուին Հայաստանէն։ Եթէ սփիւռքահայ նուիրատուն բաւարարուած է, որ իր տրամադրած օժանդակութիւնը ընդհանուր առմամբ արդիւնաւէտ կը ծառայէ իր նպատակին, ապա կը շարունակէ օժանդակել եւ ատոր իրագործումը վստահիլ Հայաստանի մէջ պատասխանատուներու։ Այլապէս, ան սովորաբար լռիկ-մնջիկ կը հեռանայ այս ասպարէզէն։

Հայաստանի կառավարման, ընտրական, դատական, մարդկային իրաւանց, նոյնիսկ կրթական ծրագրերու արդիականացման ուղղուած օժանդակութիւն չէ կատարուած Սփիւռքէն

Եթէ անցնինք օժանդակութեան այլ տեսակներու, ապա նախնական համախոհութիւն է անհրաժեշտ իր օժանդակութիւնը կամ խորհրդատու դառնալու պատրաստակամութիւնն առաջարկող Սփիւռքահայուն եւ այդ օժանդակութիւնը կամ խորհուրդը ստանալիք բնագաւառի հայաստանեան ղեկավարութեան միջեւ։ Սփիւռքէն գումարներ եւ այլատեսակ օժանդակութիւն Հայաստան չեն հոսած երկրի կառավարման, ընտրական, դատական, մարդու եւ բոլոր տեսակի փոքրամասնութիւններու քաղաքացիական իրաւունքներու բարելաւման, նոյնիսկ կրթական ծրագրերու արդիականացման ուղղութեամբ, որովհետեւ իշխանաւորները շատ յաճախ յետին միտքեր կը տեսնեն այդպիսի նախաձեռնութիւններու ետին[10]։ Առհասարակ, սփիւռքահայ կամաւոր օժանդակողը կրնայ շատ համոզուած ըլլալ թէ իր առաջարկած մեթոտը կամ լուծումներն աւելի արդիւնաւէտ են քան անոնք, որոնք այսօր Հայաստանի մէջ կը կիրարկուին զինք հետաքրքրող բնագաւառին մէջ։ Ան թերեւս հեշտութեամբ կրնայ երրորդ կողմեր ալ համոզել, թէ իր առաջարկածն է նախընտրելին, բայց առաջարկն իրագործելու կամ անտեսելու բանալին ի վերջոյ բացառապէս Հայաստանի մէջ պաշտօնատար անձերու ձեռքն է։

Հայաստանէն սփիւռքին շատ հրաւէրներ եղած են տրուող օժանդակութիւնը նիւթականով չսահմանափակելու մասին։ Անոնցմէ վերջինը այս տարուան Փետրուար 27-ին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կոչն էր[11], սակայն այն եւս` հակառակ իր թերեւս աննախադէպ տարողունակութեան, ո՛չ մէկ ուղեցոյց (ճանապարհային քարտէս) կը պարունակէր բարեփոխման համար անհրաժեշտ ոլորտները ինչպիսի՛ մեքանիզմով որոշելու եւ յետագային որոշուածը ինչպէ՛ս իրագործելու մասին։

Հայաստանի՝ քաղաքական, գաղափարախօսական ու մշակութային ամբողջ բազմազանութեամբ ներկայացման հարցը

1991-ին Հայաստանի վերանկախացումէն ետք սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու քննարկումը եւ մեծ մասամբ նաեւ անոնց գործնականացումը դրուած է գործադիր իշխանութեան ուսերուն։ Ներկայ Հայաստանը` ըստ իր Սահմանադրութեան, ժողովրդավարական պետութիւն է։ Երկրի ղեկավարման մէջ մեծ դեր վերապահուած է իրարու դէմ, հաւասար պայմաններու ներքոյ մրցելիք կուսակցութիւններուն։ Այս կուսակցութիւնները` ունենալով տարբեր աշխարհահայեացքներ, հաւանական է, որ նաեւ տարբեր պատկերացումներ որդեգրեն Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Ժողովրդավարութեան դասական ըմբռնման համաձայն, կառավարութեան քաղաքականութիւնը` իր անխուսափելի վերիվայրումներով, պիտի յստականար միջկուսակցական բանավէճի ընթացքին` ընտրութիւններու ժամանակ քուէարկողներուն անմիջական յանձնարարականներով։ Բայց Հայաստանը` 1995-էն առ այսօր չէ կրցած ժողովուրդի համընդհանուր վստահութեան արժանանալ, արդար եւ օրինական ընտրութիւններ կայացնել, որու հետեւանքով ալ 1996-էն սկսեալ Հայաստանի բոլոր նախագահները անօրինակարգ համարուած են իրենց քաղաքացիներուն կարեւոր մէկ մասին, ինչպէս եւ երկրէն ներս գործող շարք մը ազդեցիկ քաղաքական ուժերու կողմէ։

Այս իրողութիւնն արգելք հանդիսացած է, որ հայրենիքն ու սփիւռքը մէկտեղելու առաջադրանքով կազմակերպուած բոլոր մեծ հաւաքներուն Հայաստանը ներկայանայ իր քաղաքական, գաղափարախօսական ու մշակութային ամբողջ բազմազանութեամբ։ Ընդդիմադիր բազմաթիւ ուժեր բացակայած են այս հաւաքներէն ու վերջիններս վերածուած են Հայաստանի պետական պաշտօնեաներու եւ սփիւռքէն հրաւիրուած կազմակերպութիւններու եւ անհատներու միջեւ երկխօսութեան։ Գուցէ հայաստանեան կողմի ամբողջական ներկայացուցչականութեան բացակայութեան հետեւանքով է, կամ ալ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մասնակիցները մասամբ կաշկանդող աւելի խոր բարոյահոգեբանական պատճառներու, որ այս հաւաքներու օրակարգէն դուրս մնացած են բազմաթիւ հիմնահարցեր, ինչպէս` սփիւռքեան տարբեր հատուածներու ակնկալիքներուն շարադրումը Հայաստանէն, կամ հակառակը` Հայաստանի հասարակութեան այլազան շերտերուն սպասումները աշխարհասփիւռ Հայութենէն, կամ թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերաբերիլ եթէ այդ երկու հատուածներէն մէկը համաձայն չըլլայ միւսի օրակարգին։ Չեն քննարկուած նաեւ այն պայմանները, որոնց առկայութեան պարագային աւելի շատ պիտի ըլլար ներգաղթը ե՛ւ յետեղեռնեան, աւանդական ե՛ւ նոր, յետխորհրդային սփիւռքներէն։ Ի հարկէ, այսպիսի հաւաքներ կամ հայկական պետականութիւնը միայնակ ի վիճակի չեն այս բոլորը լուծելու, բայց արժէր որ այս տիպի հաւաքներով հիմքերը դրուէին այս լրջագոյն հարցերուն մանրազնին, գիտական ուսումնասիրութեան եւ անոնց լուծումներ գտնելու քննարկման։

Հայաստանի մէջ իշխող կուսակցութեան եւ պետական վարչամեքենային միջեւ սերտաճման ազդեցութիւնը Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու մշակման մեքանիզմին վրայ

Առաւել եւս, Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու մշակման մեքանիզմին վրայ սկսած է ազդել նաեւ յատկապէս Հայաստանի մէջ 2008-էն ի վեր շատ յստակ նկատուող սերտաճումը իշխող կուսակցութեան եւ պետական վարչամեքենային միջեւ։ Ըստ ժողովրդավարութեան տեսութեան, պետական վարչամեքենան պէտք է չէզոք դիրք գրաւէ իշխանութեան համար պայքարող տարբեր կուսակցութիւններուն միջեւ։ Բայց, Հայաստանի մէջ խորացող սերտաճումը աւելի ու աւելի կը վանէ միւս` գործադիր իշխանութեան կողմէ իբրեւ հակառակորդ նկատուող կուսակցութիւնները պետական կառոյցներու հետ համագործակցելէ` նա՛եւ սփիւռքին առընչուող հարցերուն մէջ[12]։

Միաժամանակ, նոյնպէս ցաւալի է, որ Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական հոսանքները առանձինն աշխատանք չեն տանիր սփիւռքահայ տարբեր խմբաւորումներու հետ ուղղակի կապեր հաստատելու ուղղութեամբ` այդ յարաբերութիւններուն միջոցով, ժամանակի ընթացքին Հայաստան-սփիւռք կապերուն մասին իրենց ուրոյն մօտեցումները բիւրեղացնելու համար։ Հայաստանի մէջ իրերայաջորդ ընդդիմադիր բոլոր հոսանքները` 1995-էն սկսեալ, ակնկալած են Սփիւռքահայութեան անսակարկ աջակցութիւնը` իրենք զիրենք համարելով անօրէն իշխանութիւնները տապալելու ելած բարոյական ուժ, բայց անոնք սփիւռքին երբեք լրջօրէն չեն ներկայացուցած կառավարութեան արդէն իսկ կատարածէն տարբեր սփիւռքի մասին այլընտրանքային ծրագիր` այդ միջոցով եւս շահելու համար Հայաստանով հետաքրքրուած սփիւռքահայ զանգուածներու համակրանքը։

Ընդդիմութեան կողմէ գրեթէ անտեսման, իսկ իշխանութեան կողմէ յաճախ միայն նիւթական եկամուտի աղբիւր դիտուելու (դրամահաւաք, հայաստանեան դրամատուներու մէջ աւանդներու ներդրում, զբօսաշրջութիւն, եւ այլն) զգացումը յաճախ յուսահատութեամբ կը համակէ ի սկզբանէ արտասահմանի մէջ Հայաստանի զուտ զգացական սիրով դաստիարակուած սփիւռքահայերը։ Բայց, կայ նաեւ անուղղելի լաւատեսութիւնը թէ այս խոչընդոտները կարելի է օր մը վերացնել` մտածուած, հետեւողական աշխատանքով։ Այս ներքին պայքարը շատ Հայեր կ’ապրին` յատկապէս յետեղեռնեան սփիւռքի մէջ։

Հայաստան-սփիւռք կապերու զարգացման նորաստեղծ հնարաւորութիւնները

Պետական կառոյցներու անմիջական ոլորտէն դուրս, յետխորհրդային Հայաստանի մէջ սփիւռքի հետ կապերը 1991-էն ի վեր զարգացան նաեւ մէկ այլ ուղղութեամբ, որ խորհրդային օրերուն անընդունելի պիտի համարուէր Քա. Կէ. Պէ.-ի ամենատես աչքերուն ներքոյ։ Աւելի ազատ ճամբորդելու, մանաւանդ` շատ աւելի հեշտութեամբ հասարակական կազմակերպութիւններ գրանցելու ու նոյնիսկ ընկերային ցանցերու վրայ համախմբուելու նորաստեղծ հնարաւորութիւնները գոյացուցած են նոր իրավիճակ մը, ուր սփիւռքէն յաճախակիօրէն Հայաստան այցելող մտաւորականներ ու գրողներ Երեւանի մէջ ունին արդէն իրենցմով ու իրենց գրութիւններով հետաքրքրուող շրջանակներ, որոնք անոնց ամէն մէկ այցելութիւնը դասախօսութիւններու ու հրապարակային քննարկումներու շարքի մը կը վերածեն` առանց ատոնք որեւէ պետական մարմնի կամ հիմնարկի հետ համադրելու անհրաժեշտութեան։ Սփիւռքահայեր յաճախ մասնակից կ’ըլլան ամառնային կրթական ծրագրերու, որոնք կառավարական ծրագրին շրջանակներէն անդին կ’անցնին։ Սա ի հարկէ փորձի փոխանակման դրսեւորումներէն է որու անհրաժեշտութիւնը կ’ընդգծէ նաեւ վարչապետ Կարապետեանի փետրուարեան կոչը։ Սա հայաստանաբնակ ու արտասահմանաբնակ հայ մտաւորականներու ինքնակամ համախմբման փորձ է` առաջին հերթին արժեհամակարգային համախոհութեան հիմքի վրայ։

Մենատիրութեան եւ ամբողջատիրութեան վերաճի բնական ընթացքին դէմ ՝ երիտասարդ քաղաքացիական հասարակութեան թումբ կանգնելուն յոյսով

Կը մնայ յուսալ, որ Հայաստանի մէջ երիտասարդ եւ ատոր համար ալ ոչ այդքան ուժեղ քաղաքացիական հասարակութիւնը կը կարողանայ իբրեւ թումբ կանգնիլ արդէն իսկ արմատաւորուող մենատիրութեան (authoritarianism) ամբողջատիրութեան (totalitarianism) վերաճելու բնական ընթացքին դէմ։ Դժբախտաբար, այդպիսի բացասական զարգացում տակաւին հնարաւոր է Հայաստանի մէջ, եւ այն իրականանալու պարագային հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու շրջանակէն դարձեալ կրնան դուրս մնալ այդ ամբողջատիրութեան հետ չհամակերպող անձինք ու խմբաւորումներ` նման 1988-էն առաջ տասնամեակներ գոյութիւն ունեցած իրավիճակին։

Ատոր համար ալ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կապերն աւելի զարգացնելու ջատագով ու Հայաստանի հզօրացումով Սփիւռքահայուն ինքնահամարումն ալ բարձրացնելու ձգտող սփիւռքահայ գործիչները պէտք է շարունակեն աշխատիլ ամէնօրեայ յաճախականութեամբ, զգօնութեամբ ու երբեք չիյնան այն թակարդ-համոզման գիրկը, թէ ժամանակը ամէն ինչին դրական լուծում կը հաղորդէ` առանց, որ մենք ալ ճգնինք այդ ուղղութեամբ։

(«Նոր Յառաջ», 26, 29 եւ 31 Օգոստոս 2017)

[1] Տե՛ս, օրինակ, Աստղիկ Բեդեւեան, «Սերժ Սարգսեանը ուղերձ յղեց ժողովրդին ու խորհրդարանին», Ազատութիւն ռադիոկայան, 3 Հոկտեմբեր 2008, տե՛ս https://www.azatutyun. am/a/1597615.html։

[2] «Արտագաղթ. Հայաստանի բնակչութեան տրամադրութիւնների ցուցիչը», տե՛ս. https://www.aniarc.am/2015/03/01/ migration-ltp-rq-ss-1191-2016/։

[3] Մշտական բնակչութեան թուաքանակին մէջ կը հաշուարկուին այն անձինք, որոնք մշտապէս կը բնակին տուեալ տարածքին վրայ, ներառեալ՝ հաշուարկի պահուն ժամանակաւորապէս բացակայողները, իսկ ժամանակաւոր բացակայողներու թուաքանակին մէջ կը հաշուըւին այն անձինք, որոնք հաշուառման պահուն իրենց հիմնական (մշտական) բնակութեան վայրէն կը բացակային մինչեւ մէկ տարի ժամկէտով։

[4] Առկայ բնակչութեան թուաքանակին մէջ կը հաշուարկուին այն անձինք, որոնք հաշուարկի պահուն գտնուած են տուեալ վայրին մէջ, ներառեալ՝ ժամանակաւոր բնակիչները։

[5] United States Census Bureau, Ancestry: 2000, June 2004, էջ 4, տե՛ս. https://www.census.gov/prod/2004pubs/c2kbr-35.pdf։

[6] United States Census Bureau, Total Ancestry Reported, տե՛ս. https://ia601900.us.archive.org/21/items/ 2010AmericanCommunitySurveyAncestry/2010Acs.pdf։

[7] Ալ աւելի առաջ երթալով, երկար ատեն է Եւրոպա հաստատուած բարեկամներէս մէկը՝ կարդալով այս յօդուածին նախնական մէկ տարբերակը, իբրեւ իր տեսակէտի յաւելում, ինծի գրեց. «Կան ուրիշ խումբ մը Սփիւռքահայեր, որոնց համար ժամանակակից Հայաստանը իրենց ինքնութեան մէջ կրնայ տեղ չգրաւել։ Նուաճած ըլլալով մշակուածութեան համեմատաբար բարձր մակարդակ, անոնք իրենց սփիւռքահայ ինքնութեան սնուցիչ տարրերը մշակոյթի տարբեր աղբիւրներէ կը քաղեն։ Այս շրջածիրին մէջ լեզուն՝ արեւմտահայերէնը իրենց ինքնութեան կորիզը կը կազմէ, ի շարս այլ մշակութային տարրերու։ Մշակութային բազմազանութեամբ կենսունակ ընկերութիւններու մէջ ծնած, հասակ նետած, ուսանած եւ/կամ գործունէութիւն ծաւալող այս խումբին կուտակած փորձառութեան արդիւնք հանդիսացող կեանքի տարբեր բնագաւառներու մէջ իրենց ներկայի բարձր չափանիշերը չեն համապատասխաներ հայաստանեան չափանշային ըմբռնումներուն։ Աշխարհահայեացքային տարբերութենէ բխող իրենց ընդունած արժէքային համակարգը, որ տեւական բախումի մէջ է հայաստանեանին հետ, զիրենք առաւել եւս կը հեռացնէ մագնիսական քաշողականութեան կեդրոնի դեր ստանձնողի յաւակնութիւններ ունեցող Հայաստանէն»։ Ըստ այս տեսակէտին, Սփիւռքահայ-Արեւմտահայ ինքնութիւն մը կարելի է պահպանել՝ կեդրոնանալով միա՛յն արեւմտահայերէնի օգտագործման ու զարգացման, ինչպէս եւ որոշ մշակութային խորհրդանիշերու, ըմբռնումներու ու սովորութիւններու վրայ՝ առանց այս ինքնութիւնն առընչելու ժամանակակից քաղաքական քարտէսին վրայ որեւէ յստակ տարածքի հետ։ Անձնապէս համաձայն չեմ այս մօտեցման, բայց զայն կ՚արձանագրեմ, որովհետեւ այս տեսակէտին են արեւմտաեւրոպաբնակ շարք մը վաստակաւոր եւ յարգարժան հայ գրողներ ու հայագէտներ։ Ըստ իս, իրենց «նեղացածութիւնը» յար եւ նման է անոնց, որոնք ԱՄՆ, Գանատա կամ Աւստրալիա կը նախընտրեն հաստատուիլ քան Հայաստան՝ որովհետեւ առաջիններն աւելի բարգաւաճ երկիրներ են եւ ներգաղթեալներուն արագօրէն բարձր կենսամակարդակի հասնելու աւելի մեծ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն։ Սփիւռքահայ այս մտաւորականները «նեղացած» են մերօրեայ Արեւելահայաստանէն, մասամբ որովհետեւ իրենք կառչած են արեւմտահայերէնին եւ դժգոհ են, որ արեւելահայ վերնախաւն ու մտաւորականութիւնը բաւարար յարգանք ու գուրգուրանք չեն տածեր վտանգի մատնուած արեւմտահայերէնին հանդէպ։ Երկրորդ, անոնք շատ դժգոհ են նաեւ այն իրողութենէն, որ ժամանակակից Հայաստանի գիտա-մշակութային ղեկավարութիւնը տակաւին անհաղորդ կը մնայ վերջին տասնամեակներուն արեւմտեան քաղաքակրթութեան մէջ տեղի ունեցած մտաւոր արմատական փոփոխութիւններուն, կարելի է նոյնիսկ ըսել՝ յեղափոխութեան, որ սովորաբար «յետարդիականութիւն» (postmodernism) եզրով կ՚ընդհանրացնենք։ Սփիւռքահայ այս մտաւորականները մեծ յոյս չեն տածեր թէ ժամանակակից Հայաստանը oր մը պիտի իւրացնէ այս փոփոխութիւնները՝ մատնանշելով թէ երկրի գիտական ղեկավարութիւնը այդպիսի ձգտում ցոյց չի տար։ Ի տարբերութիւն իրենց մօտեցման, անձնապէս հակուած եմ կարծելու թէ այս յարաբերաբար նոր մտածողութիւնը, որ արդէն տիրող է միջազգային հարթակներու վրայ, ուշ կամ կանուխ պիտի տարածում գտնէ նաեւ Հայաստանի մտաւորականութեան մէջ։ Եթէ դէպքերն իրականանան իմ յուսացած ու կանխատեսած ուղղութեամբ, ապա սփիւռքահայ ինքնութեան այսպիսի առանձինն տարատեսակ զատորոշումն ալ հարցական կրնայ դառնալ։

[8] Այսպիսի մտմտումներով ապրող անձինք՝ ազգային ինքնութիւնը Հայաստանի մէջ բնականօրէն՝ առանց ամէնօրեայ պայքարի ապրելու կողքին, ի նպաստ Հայաստանի յաղթաթուղթեր համարեցին նաեւ ապաճարտարարուեստականացած Հայաստանի բնապահական համեմատաբար լաւ իրավիճակն ու կենսոլորտի ջեռուցման հետեւանքով ովկէանոսներու մակարդակի բարձրացման հետեւանքներէն հեռու ըլլալը։ Հակառակ ուղղութեամբ, սակայն, Միջերկրականի աւազանին ու Գալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած անձինք իբրեւ բացասական, զսպող հանգամանք նշեցին Հայաստանի խստաշունչ ձմեռները։

[9] Այս յօդուածին մէջ պիտի չանդրադառնանք վերջին տարիներուն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած իսլամացած Հայերու խնդիրներուն, քանի որ անոնց վերաբերեալ յատուկ նիստ կար խորհրդաժողովի ընթացքին։

[10] Այս բնագաւառներով հետաքրքրուած հայաստանաբնակ մասնագէտներն ու երիտասարդներն ալ՝ պատուէրներ ու ֆինանսաւորում չգտնելով Հայաստանէն կամ հայ սփիւռքէն ներս, առ այսօր ստիպուած են դիմելու արտասահմանեան, օտար կազմակերպութիւններու՝ այս ընթացքին յաճախ հասարակութեան աւանդապաշտ տարրերուն, երբեմն նոյնիսկ՝ պաշտօնապէս Եկեղեցւոյ եւ իշխող քաղաքական կուսակցութեան ղեկավարներուն պարսաւանքներուն արժանանալով։

[11] Լրիւ բնագիրը տե՛ս. «Կարէն Կարապետեանը կոչով դիմել է սփիւռքի Հայերին», Mediamax, 27 Փետրուար 2011, http://www.mediamax.am/am/news/society/22387/։

[12] Պիքֆայայի մէջ ներկայացուցած զեկուցումէս անմիջապէս ետք, Սփիւռքի նախարարուհի Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանը, որ ներկայ էր նիստին, պարզաբանեց թէ նախարարութիւնը իւրաքանչիւր ընտրապայքարի ժամանակ կ’ուսումնասիրէ մասնակից բոլոր կուսակցութիւններուն ընտրական ծրագրերուն սփիւռքին վերաբերող բաժինները։