Լույս է տեսել հրապարակախոս, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վիգեն Հովսեփյանի բանաստեղծությունների առաջին ժողովածուն՝ «Աստղերու Հաւատքով», որի շնորհանդեսը տեղի ունեցավ օրերս՝ Երևանում: Գրքի առաջին շնորհանդեսը կայացել էր հոկտեմբերին՝ ԱՄՆ-ում, որտեղ բնակվում է Հովսեփյանը:
«Երէկ երեկոյեան կայացաւ բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուիս Երեւանեան շնորահանդէսը։ Այսպէս, երազ մը եւ գաղափարական պահանջ մը եւս իրականացաւ՝ գրքիս մեկնարկը տալու հայրենի հողէն։ Կը խոստովանիմ թէ ժողովածուն հրատարակելու որոշումը հեշտ չեղաւ, սակայն ընկերներուս եւ գրական էջիս հետեւորդներու քաջալերանքը մեծապէս դիւրացուցին ուղեւորութեանս ընթացքը։ Մեկնարկային միջոցառումը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, իրականութիւն մը որ հագաչափ բաւարարեց զիս, եւ ներկաներու քաջալերանքով եւ սիրով լեցուց սիրտս եւ հոգիս»,- ֆեյսբուքյան էջում գրել է Հովսեփյանը:
Ներկայացնում ենք ԱՍՊԱՐԵԶ օրաթերթի գրախոսականը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Շատ անձնական (private իմաստով)՝ հրապարակաւ կատարուած գործ է, բանաստեղծագրութիւնը ամչկոտ քաջութիւն է. բանաստեղծը կը համարձակի իր եսը զետեղել աշխարհի հրապարակի՝ լուսարձակներու տակ փայլփլող ցուցափեղկին մէջ:
Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու Հաւատքով»ը՝ բանաստեղծութիւններ ծաղկեփնջող հատորը այդպիսին է. անիկա այս ամիս զետեղուեցաւ այդ ցուցափեղկին մէջ:
Անիկա, հակառակ արձակ բանաստեղծութիւններ պարփակելուն՝ քնարերգութեան արահետ մը կը բանայ մինչեւ հեռու հորիզոններ. քնարերգութիւն՝ ոչ թէ միայն զգացումներու, այլ նաեւ` միտքի:
Անշուշտ, ամէն անձ, մանաւանդ զգայունը, կ՛ազդուի ամէն ինչէ, շրջապատէն, լսած երաժշտութենէն, կեանքի բոլոր երեւոյթներէն, ուրիշներու գործերէն. փորձեցի Յովսէփեանի գործերուն մէջ ուղղակի ազդեցութիւններ գտնել՝ չյաջողեցայ. առ այդ, անոնց իւրայատուկ ըլլալուն համոզումը յառաջացաւ: Անշուշտ որ ազդեցութիւններ պիտի ըլլան, բայց անոնք ուղղակի չեն. ազդեցութիւնները կրնան ըլլալ կեանքի փորձառութիւնները, այլ արուեստներ, յուշեր։
Գերիրապաշտ շարժումի միակ ֆիլմի բեմադրիչը՝ սպանացի Լուիս Պիւնիւյէլ իր՝ «Իմ Վերջին Հառաչանքը» (Mon dernier soupir) խորագիրով յուշերուն մէջ կ՛ըսէ. «Իւրայատուկ ըլլալ փորձողը բանագողութիւն կ՛ընէ»: Այո, ծայրայեղ միտք է այս, բայց այստեղ ձգտում կայ ամրագրելու, որ առանց փոխազդեցութեան, չփոխազդուած գործ չի կրնար ըլլալ. մարդկութիւնը նոյն ծառէն կախուած է: Այսուհանդերձ, Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններուն իւրայատուկ ըլլալը իմ տպաւորութիւնն է. կարելի է զանոնք նաեւ համարել ԻՐայատուկ:
«Աստղերու Հաւատքով»ի բանաստեղծութիւններուն մեծ մասը պատում է՝ story telling, կարճագոյն պատմուածքներ` յոյզերով, յիշողութիւններով, յիշատակներով. պատումներ, որոնք կախարդական իրապաշտութիւն (magic realism) կը յիշեցնեն: Թէեւ այս եզրոյթը կը վերաբերի վիպագրութեան՝ Խորխէ Լուիս Պորխէսի, Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզի, Մարիօ Վարկաս Լիոսայի եւ Սալման Ռուշտիի նման վիպագիրներու գործերուն, այստեղ Յովսէփեան սեղմ բայց իմաստամէտ տողերով զգայուն պատումներ կը գրէ ազատ բանաստեղծութեան միջոցաւ:
«Յիշատակը բանաստեղծութիւն է, իսկ բանաստեղծութիւնը այլ բան չէ, եթէ ոչ յիշատակ». Վիքթոր Հիւկոյի խօսքերն են ասոնք: Վիգէն Յովսէփեան պատմող բանաստեղծը իր յիշատակները կը վերապրի՝ զանոնք փոխանցելու համար «յետոյ»ին, եւ այդ մէկը՝ առանց զարդարուն ածականներու եւ հոմանիշներու աշտարակներ կառուցելու:
Անոր բանաստեղծութիւններուն մէջ բացակայ են «ի միջի այլոց»ը եւ «ուրեմն»ը, որոնք յաճախ կը մղեն բառեր շարելու մոլուցքին. հոս՝ առանց զարդարանքի միտքերը, նաեւ եսին եւ մենքին միջեւ զրոյցը լսելի դարձնելու համեստ ձգտումը կայ: Յովսէփեան բանաստեղծին համար յուշերը, մտածումները եւ անոնց աներեւոյթ զգացումները պարզութեամբ փոխանցելն է կարեւորը: Աներեւոյթ՝ որովհետեւ ան երկար չի յամենար անոնց վրայ, կա՛մ կը պայթի եւ կ՛անցնի, կա՛մ կը վերածուի միտքի: Այստեղ միտքը զգացում է, եւ զգացումը՝ միտք:
«Ես / Այս Քաղաքը» բանաստեղծութենէն կտոր մը.
«Ես եմ այս քաղաքը.
այստեղ թաղուած է մանկութիւնս՝
վայրկեաններ, որոնք հիմա արդէն զիս կ՛ուրանան,
ուր ամէն մէկ փողոցի ամէն մէկ պատշգամին վրայ
խնճոյք մը կայ բեմադրուած,
ամէն մէկ լոյսի ամէն մէկ աղօտ փայլքին մէջ,
սիրահարութիւն մը կայ շատոնց վիժած…»
Անոր բանաստեղծութիւնները հարուստ են ճոռոմաբանութիւններէ հեռու փոխաբերութիւններով (metaphor-ներով). ան նոյնիսկ ունի բանաստեղծութիւններ, որոնք ամբողջութեամբ փոխաբերութիւն են. կարդացէ՛ք «Հոն Է Տունս» բանաստեղծութիւնը: Ահաւասիկ՝ անկէ հատուած մը.
«…
Ծովն է տունս.
անիկա կը հաւասարեցնէ մեծն ու փոքրը,
կը միացնէ ստրուկներն ու իշխանները,
կը մերկացնէ, կը նոյնացնէ բոլորդ ու բոլորս,
կը փոքրացնէ փքուած եսերն ու էկօները,
կ՛արհամարհէ քմայքները մինչեւ վերջ՝
կը ծնին հմայքներ,
եկող օրերու բոլոր վայրկեաններուն համար:
Ծովն է տունս.
անիկա ծնունդն է ու ծնողը հմայքներուն,
անիկա է սկիզբը գեղեցկութեան,
անիկա է վերջը ատելութեան,
անիկա է սրբողը, մաքրողը,
անիկա է ջինջն ու հզօրը,
անիկա է մայրը սիրոյ եւ երազանքի,
ծովն է սկիզբը,
ծովն է վերջը»:
Ընդհանրապէս, յաճախանքը (obsession) տակնուվրայութիւն, քաոս կը ստեղծէ՝ կը տարածէ. այստեղ, կարծես յաճախանքին պատճառով է որ համօծակցութիւն եւ համակարգում կայ միտքերու եւ զգացումներու, որոնք ընթերցողին մօտ է որ յոյզեր կ՛առթեն:
Յովսէփեան չի խուսափիր կրկնութիւններէ՝ բառերու թէ բառերու խումբերու. փոխանակ երթալ բառարանային ածականներ գտնելու՝ կը նախընտրէ կրկնել, որովհետեւ կարեւորը միտքը եւ զգացումը փոխանցելն է՝ եւ ոչ թէ զարմացնելը եւ ապշեցնելը:
Այս կը պատահի մանաւանդ leitmotif-ներու առթած յաճախանքներու պահերուն:
«Գործերուս ծանօթացողները յաճախ կը հարցնեն, թէ որո՛նք են բանաստեղծութիւններուս ուժի եւ ներշնչման մնայուն աղբիւրները: Անկեղծօրէն՝ չեմ գիտեր, սակայն նոյն ատեն վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր միտք, ամէն մէկ պատկեր, կամ բանաստեղծական պատմուածք, զոր թուղթին յանձնած եմ՝ հարազատ արտադրութիւնն է այն բարդ եւ խառն համադրութեան, որ իր ամբողջութեան մէջ՝ միախառն կերպով, էութեանս հայելին է. այսինքն՝ միտքեր, զգացումներ, վախեր, յոյսեր, յոյզեր, տագնապներ, յաջողութիւններ, ձախողութիւններ, պոռթկումներ, երազանք, կեանքի փորձառութիւններ…։ Հետեւաբար, եթէ կը հանդիպիք միտքերու կամ յղացքներու, որոնք յաճախ կը կրկնուին գրութիւններուս մէջ՝ անոնք են զիս շնչող մարդու մը վերածողը, անոնք են որ էութիւնս կը սահմանեն եւ ներաշխարհս կը մատնեն». այս միտքերը բանաստեղծինն են՝ «Աստղերու Հաւատքով»ի իր՝ «Երկու Խօսքէն Աւելի» խորագիրով նախաբանին մէջ զետեղուած:
Վիգէն Յովսէփեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, սուրը իր պատեանէն քաշելով չի ճօճեր, եւ անիկա արեւու շողերուն դիմաց չի փայլփլիր, այլ՝ ան սուրը թիրախին ուղղութեամբ նշանառած՝ կը սուրայ յառաջ:
Հակառակ չափածոյ չըլլալնուն՝ տողերը թեւածել կու տան գաղափարներու եւ պատկերներու երաժշտականութեան մէջ. ընթերցողը ի՛նք կ՛արտացոլէ մեղեդիները իր կարդացած տողերուն: Այսինքն՝ ներքին երաժշտականութիւնը արտաքին երաժշտութիւն մը կը յուշէ:
Վիգէնի բանաստեղծութիւնները զգայուն են, սակայն ոչ՝ զգացական:
Կարելի է մտածել, թէ ինչո՛ւ միայն դրական բաներ կ՛ըսուին այստեղ. ժխտական բան չկա՞յ այս գործին մէջ. ըստ իս՝ արձակ բանաստեղծութիւնը եւ վերացական արուեստը՝ նկարչութիւնը, կ՛առանձնանան բոլոր միւս արուեստներէն, հաւանաբար նաեւ անհեթեթի թատրերգութիւնը (le théâtre de l’absurde)՝ իբրեւ գրականութիւն, եւ ոչ՝ ներկայացում, այն բանով, որ դժուար է զանոնք քննադատելը. կարելի չէ զանոնք գրաքննադատել՝ կառոյցի, ձեւի, ոճի, նիւթի թերութիւններ մատնանշելով. կա՛մ կը սիրես տուեալ գործը, կա՛մ չես սիրեր:
Ունիմ, այն տպաւորութիւնը, որ Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ, որովհետեւ ըսելիք եւ պատմելիք ունի, այլ ոչ թէ որովհետեւ կրնայ գրել՝ որեւէ բան կը գրէ:
«Աստղերու Հաւատքով» բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղը երկարատեւ պահերու յոյսի կարճ ոդիսականն է: Առաւել քան երեք տասնամեակներ առաջ սկսած եւ շարունակուած, սակայն մեզի նոր յայտնի դարձած այս բանաստեղծութիւններով՝ արեւմտահայ գրականութեան մէջ նոր եւ ջրառատ Ովասիս մը յայտնաբերուեցաւ: